Ֆրանսահայ Սիմոն Աբգարեանի բեմադրութեամբ Համազգայինի Սոս Սարգսյանի անուան թատերասրահին մէջ բաւական խիզախ գործ էր ներկայացնել Հոմերոսի «Ոդիսականը», արդիականացուած սենարով, որու մէջ վեր կ՚առնուի ամուսնական հաւատարմութեան, վրէժխնդրութեան, պատերազմի արհաւիրքի ու խղճի թեմաները:

Դերասանները՝ ինչպէս միշտ, իրենց բարձրութեան եւ կատարողական գագաթնակետին էին՝ մանաւանդ հիմնական դերակատարներ՝ Նարեկը եւ Նարինեն: Կը սպասենք նոր եւ բեղուն թատերական գործունէութիւն մը որու մեկնարկը արդէն տրուած է:
03.03.2026